2014-01-14 09:10:11

ֆրանչիսկոս Քահանայապետին նամակը ուղղուած նոր կարտինալներուն`
''Կարտինալական Տիտղոսը ծառայութիւն ու անձնուիրում է''


Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, անցեալ կիրակի 12 յունուարին, Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքի աւարտին, հռչակեց 19 նոր կարտինալներու անուանումը։
Նորին Սրբութիւնը, նոյն օրը, նորանշանակ ծիրանաւորներուն նամակ մը ուղղեց որուն մէջ հրաւիրեց զանոնք կարտինալական տիտղոսը ըմբռնել` ''ոչ որպէս պատիւ կամ զարդ այլ որպէս սպասարկութիւն''։
Իր նամակին մէջ Սրբազան Քահանայապետը կը գրէ`
Սիրեցեալ եղբայր,
կարտինալական դասի մաս կազմելու քու նշանակումիդ առթիւ, կը բաղձամ իմ սիրալիր ողջոյնս ուղարկել քեզի ու երաշխաւորել իմ մօտիկութիւնն ու աղօթքս։
Մաս կազմելով Հռոմի Եկեղեցւոյ, դուն` զգեստաւորուած մեր Տիրոջ Յիսուսի առաքինութիւններով ու զգացումներով, պիտի կարողանաս օգնել ինծի, եղբայրական ազդեցութեամբ, ընդհանրական Եկեղեցւոյ ի սպաս աշխատանքիս մէջ։
Կարտինալութիւնը չի նշանակեր աստիճանի բարձրացում, պատիւ եւ կամ զարդ, ան պարզապէս սպասարկութիւն մըն է, որ կը պահանջէ հայացքի ընդարձակում ու լայնասրտութիւն։ Այդ կատարելու համար հարկաւոր է քալել Տիրոջ հետքերուն վրայ` նուաստացումի ու խոնարհութեան ուղիով` դառնալ սպասաւոր։
Այդ պատճառաւ, կը խնդրեմ, որ ընդունիս այս նշանակումը պարզ ու խոնարհ սրտով։ Թէեւ ցնծութեամբ եւ ուրախութեամբ պիտի ընկալես այս պաշտօնը, սակայն այնպէս մը ըրէ որ ապրումդ ըլլայ հեռու աշխարհիկ հոգիէն եւ տօնախմբութիւնդ ըլլայ աւետարանական հոգիով` զուսպ, ժուժկալ եւ անշուք։
Ի քաղցր տեսութիւն, յառաջիկայ 20 փետրուարին համար, ուր սկիզբ կ'առնեն երկու օրուայ խորհրդածութիւնները ընտանիքի մասին։
Քու տրամադրութեանդ տակ կը մնամ, ինծի համար քեզմէ աղօթք կը խնդեմ։
Թող Յիսուս քեզ օրհնէ եւ Ամենասուրբ Կոյս Մարիամը քեզ պահպանէ։
եղբայրաբար` ֆրանչիսկոս Քահանայապետ։
Տուեալ Վատիկան 12 յունուար 2014



Նոր նշանակուած կարտինալներու անունացանկը։

Քահանայապետ ընտրող կարտինալներ։
1-Գերապայծառ Փիէթրօ Փարոլին, Վատիկանի Պետական Քարտուղար։
2-Գերապայծառ Լորէնցօ Պալտիսսէրի, Եպիսկոպոսական Սիւնհոդոսի ընհանուր քարտուղար ։
3-Գերապայծառ Կէրարտ Լուտվիկ Միւլլէր, Հաւատոյ Ժողովի նախագահ։
4- Գերապայծառ Պէնիամինօ Սթէլլա, Կղերի ժողովին նախագահ։
5-Գերապայծառ Վինսէնթ Նիքոլս, Ուեսդմինսթէրի թեմի արքեպիկոպոս (Մեծն Բրիտանիա)։
6-Գերապայծառ Լէոփոլտօ Խոսէ Սոլորզանօ, Մանակուա թեմիի Արքեպիսկոպոս (Նիքարակուայ)։
7-Գերապայծառ Ժէրար Սիբրիէն Լաքրուա, Քէպէքի արքեպիսկոպոս (Քանատայ)։
8-Գերապայծառ Ժան Փիէր Քութուա, Ապիճան թեմի Արքեպիկոպոս՝ (Փղոսկրեա Ափունք)։
9-Գերապայծառ Օրանի Ժուաօ Թէմբէսթա, Ռիօ Տէ Ժանէիրօ թեմի Արքեպիսկոպոս (Պրազիլ)։
10-Գերապայծառ Կուալթիէրօ Պասսէթթի, Իտալիոյ Բէրուճա- Չիթթա Տէլլա Փիէվէ թեմի արքեպիսկոպոս։
11-Գերապայծառ Մարիօ Աուրէլիօ Փոլի, Պուէնոս Այրէսի Արքեպիսկոպոս (Արժանթին)։
12-Գերապայծառ Ուէյոմ Սու Եունկ, Սէուլի թեմի արքեպիսկոպոս (Քորէայ)։
13-Գերապայծառ Ռիքարտօ Էզզաթի Անտրէլլօ, Սանթիակօ Տէ Չիլէյի Արքեպիսպողոս (Չիլէ)։
14-Գերապայծառ Ֆիլիփ Նաքէլլընթուպա Ուէտրաոկօ, Ուակատուկույի արքեպիսկոպոս՝ (Պուրքինա Ֆազօ)։
15-Գերապայծառ Օրլանտօ Պ. Քուէվէտօ, Քոթապաթոյի Արքեպիսկոպոս՝ (Փիլիպինեան կղզեախումբ)։
16-Գերապայծառ Քիպլի Լանկլուա, Լէ Քայէսի եպիսկոպոս (Հայիթ)։



Քահանայապետ ոչ ընտրող կարտինալներ։

1-Գերապայծառ Լորիս Ֆրանչէսկօ Քաբովիլլա, Մէզէմպրիա թեմի արքեպիսկպոս, Երանելի
Յովհաննէս ԻԳ Քահանայապետի երբեմնի քարտուղար
2-Գերապայծառ Ֆէրնանտօ Սէպասթիան Ակուիլար, Փամփմլոնա թեմի երբեմնի արքեպիսկպոս։
3-Գերապայծառ Քէլվին Էտվարտ Ֆէլիքս, Քասէրէս թեմի երբեմնի արքեպիսկոպոս (Հնդկական ովկիանոս):








All the contents on this site are copyrighted ©.